2015-07-25 07:43:00

Գերապայծառ Քարչէր. Ֆրանչիսկոս Պապին ամառը` աղօթքով, բարեկամներով եւ աշխատանքով։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 5 օգոստոսին վերստին սկիզբ կ՛առնեն  Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնները որոնք ընդհատուած էին Յուլիս ամսուայ ընթացքին­­, Քահանայապետին առիթ տալու` քիչ մը հանգստեան շրջան մը անցնել, թէեւ­,­ ինչպէս կը յայտնէ Քահանայապետական արարողակարգի անդամ եւ Քահանայապետի գործակից գերապայծառ Քարչէր, Նորին Սրբութիւնը միշտ գործունեայ է եւ կը պատրաստէ յառաջիկայ իր գործունէութիւնները սկսեալ Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններէն։

Սրբազան Հայրը միշտ աշխատանքի վրայ է – ըսաւ գերապայծառ Քարչէր -  ժպտադէմ եւ ուրախ թէեւ այս շրջանին Արժանթինի մէջ վարժ էր հետիոտն երկար պտոյտներու։ Անոր ապա կը պակսի մարդոց հետ շփումը որուն միջոցաւ ան սէր կը նուիրէ ու սէր կ՛ըդնունի Աստուծոյ Ժողովուրդէն։ Շփում մը որ անոր կու տայ ուժ եւ եռանդ։

Գերապայծառ Քարչէր ապա Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ  Արժանթինեան ''Մաթէ'' ըմպելիի  մասին որ մաս կը կազմէ - ըսաւ Ան - Արժանթինի աւանդութեան ու ` Արժանաթինցիներուն համար կը բնորոշէ ''բաժնեկցութիւնը''։

Գերապայծառ Քարչէր հուսկ մատնանշեց թէ ''Մաթէ'' բոյսը գտած են Յիսուսեանները եւ զայն կ՛օգտագործէին ''ալքոլամոլութեան'' դէմ պայքարելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.